image

Հալէպէն Լոս Անճելոս . Գօգօ Արթինեան հայկական պար կ'ուսուցանէ 4-րդ դասարանի աշակերտներուն (Լուսանկարներ)

Հալէպէն Լոս Անճելոս . Գօգօ Արթինեան հայկական պար կ'ուսուցանէ  4-րդ դասարանի աշակերտներուն (Լուսանկարներ)

Քալիֆորնիոյ հայկական Մեսրոպեան վարժարանէն ներս դասապահերէն մէկուն իր մասնակցութիւնը բերած է վերջերս այնտեղ հաստատուած Հալէպի Համազգայինի երկարամեայ պարող հալէպահայ Գօգօ Արթինեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք վարժարանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Դասապահը եղած է 4-րդ դասարանի աշակերտներուն մօտ: Պարի եւ երաժշտական գործիքներու մասին նիւթի մը ընթերցումէն ետք, աշակերտները, Գօգօ Արթինեանի օգնութեամբ հնարաւորութիւն ունեացած են հայկական պարային որոշ ձեւեր եւ շարժումներ տեսնել եւ փորձել կիրառել զանոնք: 

Նշենք, որ Գօգօ Արթինեան եղած է Հալէպի հայ համայնքի աշխոյժ անդամներէն մէկը: Բացի երկար տարիներու Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի գլխաւոր պարողներէն ըլլալէ, ան վարած է երկարամեայ միութենական աշխոյժ կեանք եւ վերջին շրջանին եղած է նաեւ Համազգայինի վարչականներէն:

Շատ մը հալէպահայ ընտանիքներու նման,  Արթինեաններու ընտանիքը եւս ստիպուած եղած են Հալէպէն հեռանալ: