Անցեալ ուրբաթ, 16 փետրուարին, Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական գինեձօն մը նուիրուած Վահան Սեթեանի վերջերս հրատարակած Armenian Origins of Basque աշխատասիրութեան: Տարբեր տարիքի եւ մակարդակի հոծ թիւով հասարակութեան մը առջեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ապրիլ» գրատան սեփականատէր Առնօ Երէցեան: Ան որպէս հետազոտող ներկայացուց Վահան ՍԵթեանը որ նմանապէս երկու գիրքերու հեղինակ է:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Armenian Origins of Basque գիրքի հեղինակ երիտասարդ մտաւորական Վահան Սեթեան: Ան ամփոփ կերպով նախ անդրադարձաւ իր կատարած պատմաբանասիրական հետազօտու-թիւններուն եւ հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ակունքներուն մասին, առանց մոռնալու անոնց լեզուածագումնաբանական մարզերուն մէջ անցած ուղիները:
Վահան Սեթեան երախտագիտական ջերմ խօսքերով դրուատեց պասքերու հայկական ծագման մասին շահեկան ուսումնասիրութիւններ կատարած Վահան Սարգիսեան (1954-2011): Արդարեւ ան վաղահաս տարիքին, մեծ ներդրում ունեցած է որպէս «պասքօլոժիստՙ իր խորաթափանց եւ տիտանական աշխատասիրութեամբ:
2017ին հրատարակած այս գիրքին պատրաստութեան մէջ մեծապէս օգտուած է Վ. Սարգիսեանի ակադեմական մակարդակով կատարած ուսումնասիրութենէն: Այս կապակցութեամբ շահեկան արտատպումներ կը տեսնենք Վ. Սեթեանի գիրքին մէջ, որոնք առնչութիւն ունին պասքերու հիւսիսային Սպանիոյ մէջ վերահստատման եւ անոնց իւրայատուկ լեզուի գործածութեան մասին:
Վահան Սեթեան իր հետազօտութեանց իբր արդիւնք կը կանխատեսէ որ Ք.Ա. 3000-4000 տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքէն, Արեւմտեան Ասիայէն եւ Հայկական Բարձրավանդակէն արշաւած ժողովուրդները իրենց հետ տարած են նաեւ եօթը տարբեր լեզուներու արմատ բառերը: Կարգ մը լեզուաբաններու վարկածին համաձայն` ինտօ-եւրոպական լեզուախումբը ոչ մէկ առնչութիւն չէ ունեցած վերոյիշեալ խմբակցութեանց հետ: Դարերու ընթացքին բազմատեսակ տեղաշարժեր եւ արտագաղթեր տեղի ունեցած են, որոնք անցեալի քաղաքակրթութեան մէջ իրենց ուրոյն հետքերը ձգած են: Այս բոլորը երեւոյթներն արձանագրուած են Սպանիոյ եւ Պասքի պատմական գիտութիւններով զբաղուող շրջանակներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու դասագիրքերուն մէջ:
Պասքերն իրենց երկիրը կոչած են Euskal Herria, իսկ իրենց լեզուն Euskara, որպէս ազգութիւն կոչուած են Euskardumak: Անոնք ջանացած են անկախ ըլլալ եւ ունեցած են իրենց կառոյցներն ու կուսակցութիւնները: Միաժամանակ ինքզինքնին համարած են եւրոպացիներ…:
Նշենք նաեւ պասք-հայերէն ծաւալուն բառարան մը գոյութիւն ունի աւելի քան 10,000 բառերով եւ նախադասութիւններով: Կարելի է նաեւ զայն որոնել ու գտնել համացանցի վրայ ալ, միջազգային լեզուներու շարքին մէջ: Կ’արժէ այստեղ յիշատակել որ պասքերու հայկական ծագում ունեցող վարկածին մասին ոչ հայեր եւս իրենց հետազօտութիւնները կատարած են այս յոյժ հետաքրքրական գործին համար: Անոնց շարքին կը պատկանին Ժոզէֆ Քարսթ, Գասպար Էսգօլանօ, Էտուարտ Սբէնսըր Տաճսըն եւ ուրիշներ:
Կը յուսանք որ պասք-հայկական լեզուական ծագումնաբանութեան հարցով յետագայ ուսումնասիրողներն ու հետազօտողները պիտի կարենան նոր լոյս սփռել ու օգտաշատ ներդրում ունենալ հայ եւ միջազգային լեզուագիտութեան պատմութեան մէջ: Այս առնչութեամբ գնահատելի ներդրում մըն է Վահան Սեթեանի յիշեալ աշխատասիրութիւնը:
Գ. Մ.
«Մասիս»