image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ արդէն իսկ մեծ ներդրումներ կան լիբանանեան ընկերութիւններու կողմէ, այսօր կը փորձենք նաեւ հակառակը ընել. Կիտանեան

Հայաստանի մէջ արդէն իսկ մեծ ներդրումներ կան լիբանանեան ընկերութիւններու կողմէ, այսօր կը փորձենք նաեւ հակառակը ընել. Կիտանեան

«Հայ-լիբանանեան գործակցութիւնը աւելի զարգանալու եւ աւելի արդիւնաւէտ դառնալու նպատակ ունի: Այդ նպատակով երկու կողմերն ալ աշխատանք կը տանին», այս մասին յայտարարեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Անոր համաձայն, զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ արդիւնաւէտ գործակցութիւն արդէն իսկ գոյութիւն ունի, իսկ ինչ կը վերաբերի արդիւնաբերութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան, անոնք պէտք է աւելի արդիւնաւէտ դառնան:

«Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներու հանդիպումը առիթ ստեղծեց գործնականացնելու նախապէս ստորագրուած համաձայնագիրները: Կը կարծեմ` Հայաստանի վարչապետի` 12 մարտին Լիբանան այցելութիւնը  աւելի գործնական քայլերու վրայ կը դնէ համաձայնութիւնները: Հայաստանի մէջ արդէն իսկ մեծ ներդրումներ կան լիբանանեան ընկերութիւններու կողմէ: Այսօր կը փորձենք նաեւ հակառակը ընել: Կ՛ենթադրեմ, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ նախարարներու եւ պատգամաւորներու ներկայութիւնը պէտք է օգտակար ըլլայ», ըսաւ ան: