image
Հրատապ լուրեր:

Յունաստանի մէջ բեմադրուած է Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» մենախօսութիւնը

Յունաստանի մէջ բեմադրուած է Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» մենախօսութիւնը

Օժանդակութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ  Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 9։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Աթինէոն» թատերասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» խորագրով մենախօսութիւնը, բեմադրութեամբ հանրայայտ դերասանուհի՝ Խրիսթինա Ալեքսանեանի եւ կենդանի երաժշտութեամբ Յունաստանի մէջ հանրածանօթ երաժիշտ եւ յօրինող՝ Հայկ Եազըճեանի, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ օտար եւ հայ հանդիսականներու ու մանաւանդ թեսաղոնիկահայ համանքի հոծ բազմութեան։ Նշենք, որ սոյն մենախօսական թատրոնին իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ շրջանիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ շրջանին մէջ գործող միութիւններու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու անդամ-անդամուհիներ։ Յայտնենք, որ մենախօսութիւնը նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան եւ մենախօսութեան ու երաժշտութեան կողքին կը ցուցադրուէր Հայկական Ցեղասպանութեան բաժիններէն տեսահոլովակներ։

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին, մենախօսութեան ընթացքին լսուեցաւ Հայկական եւ Յունական երաժշտութիւն եւ երգ, ուր Խրիսթինա Ալեքսանեան իր հմտութեամբ եւ դերասանուհիի անձնուէր ապրումով հրաշալիօրէն ներկայացուց Անժէլ Գուրթեանի «Տետրակները» խորագրով ներկայացումը, իր կողքին ունենալով Յունաստանի մէջ հանրածանօթ երաժիշտ եւ յօրինող՝ Հայկ Եազըճեանը, որ Հայկական եւ Յունական երաժշտութեամբ եւ իր գեղեցիկ ձայնով հանդիսականներուն յուզում պատճառեց։ Աւարտին, Հայ թէ օտար ներկաները ծափողջոյններով եւ անձնական բարեմաղթանքներով իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին Դերասանուհիին եւ երաժիշտին ու մաղթեցին յարատեւ վերելք։

Ձեռնարկէն ետք, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, ի պատիւ հիւրերուն, «Cristopher» ճաշարանէն ներս տուաւ կոկիկ ընթրիքի հիւրասիրութիւն մը, ուր յանուն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Պրն. Մարտիկ Մարտիկեան Գաղութի երիտասարդներէն՝ Յովիկ Գասապեանի կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը յանձնեց Դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանին։ Ճաշարանէն ներս տիրեց ուրախ եւ երջանիկ մթնոլորտ, ուր Խրիսթինա Ալեքսանեան եւ Հայկ Եազըճեան, միասնաբար երգեցին Հայերէն եւ Յունարէն ազգային եւ ժողովրդական երգեր։

Իրենց կարգին, Հոգշ. Հայր Սուրբը, Թաղական Խորհուրդը եւ շրջանին մէջ գործող միութիւնները, հաստատութիւններն ու կառոյցները բարձրօրէն գնահատեցին Խրիսթինա Ալեքսանեանն ու Հայկ Եազըճեանը՝ իրենց կատարման համար եւ մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։

Նշենք, որ Կիրակի, 18 Փետրուար 2018-ին, Դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան մասնակցեցաւ Կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագին։ Պատարագի աւարտին, Հոգշ. Հայր Սուրբը բարի գալուստ եւ բարի կեցութիւն մաղթեց Դերասանուհիին։ Իր կարգին, Խրիսթինա Ալեքսանեան Յունարէն լեզուով իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Թեսաղոնիկէի Հայ Գաղութին եւ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր կատարելիք մենախօսական թատերական ներկայացման մասին։ Խրիսթինա Ալեքսանեան Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ի կէսօրուան ժամը 2։00-3։00, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի Քաղաքապետարանի FM100.6 ռատիոկայանի Հայկական սփռումի արտակարգ ժամով, հաղորդավարութեամբ Գաղութի երիտասարդ ոյժերէն՝ Յովիկ Գասապեանի եւ ընկերակցութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամուհի՝ Ռոզա Թերզեանի։

Յայտնենք, որ սոյն ներկայացումը պիտի շարունակուի նաեւ յաջորդող օրերուն 22, 23, 24 եւ 25 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 9։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Աթինէոն» թատերասրահէն ներս, տոմսակի արժէք ունենալով՝ 12 եւրօ։

 

Թղթակից