image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք սիւնագրին կարծիքով Աֆրինը ներ-թրքական հարցեր կը լուծէ

Թուրք սիւնագրին կարծիքով Աֆրինը ներ-թրքական հարցեր կը լուծէ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականի սիւնակագիրներէն Ապտուլքատիր Սեւին կարծիք յայտնած է, որ թրքական ԶՈւ-ի կողմէ Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ետք Թուրքիոյ մէջ առնուազն 8-9 տոկոսով աճած է նախագահ Էրտողանի ու անոր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան աջակիցներու թիւը:

Մինչ այդ ընդդիմադիր մամուլը Աֆրինի գործողութեան մասին հրապարակումներուն մէջ պարբերաբար կը նշէր, որ Էրտողանի այս քայլը կը լուծէ բացառապէս ներքին քաղաքական հարցեր՝ ըլլալով 2019 թուականին սպասուող նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններու իւրայատուկ նախապատրաստութիւն:

Ըստ Սեւիի՝ այժմ արդէն «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ձայն տալ պատրաստուողներու թիվը կը կազմէ հարցումներու մասնակիցներու շուրջ 55 տոկոսը: Մինչդեռ մինչ այդ հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման շարք մը կեդրոններ կը փաստէին Էրտողանի կուսակցութեան աջակցողներու թիւի լուրջ կորուստի ու կուսակցութեան՝ անհրաժեշտ 50 տոկոսի շեմը յաղթահարել չկարողանալու մասին:


Փոխարէնը՝ լուրջ հետընթաց գրանցուած է ընդդիմադիր ժողովրդահանրապետականներուն աջակցութեան տոկոսը. քեմալականներուն աջակցող քաղաքացիներուն թիւը նուազած է մինչեւ 22-23 տոկոս:

Ըստ թուրք սիւնակագիրին՝ ընդդիմադիրներու մեծ մասին հիասթափեցուցած է Աֆրինի գործողութեան հարցի վերաբերեալ ԺՀԿ-ի ղեկավարութեան փոփոխական դիրքորոշումը: