image

Իսրայէլի վարչապետին մերձաւորները ձերբակալուած են. Պատճա՞ռը

Իսրայէլի վարչապետին մերձաւորները ձերբակալուած են. Պատճա՞ռը

Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է վարչապետ Բինիամին Նեթանիահուի նախկին մամլոյ քարտուղար, խորհրդական Նիր Հեֆեցին, ինչպէս նաեւ կապի նախկին նախարար Շլոմօ Ֆիլպըրին եւ երկրի մէջ ամենախոշոր՝ Bezeq հեռահաղորդակցային ընկերութեան սեփականատէր Շաուլ Էլովիչին, կը յայտնէ The Jerusalem Post-ը:


Իսրայէլի վարչապետին մօտ անձինք ձերբակալուած են, «գործ 4000»-ի շրջածիրէն ներս: Քննիչները կը կարծեն, որ պաշտօնեաները առաջ տարած են Bezeq-ի շահերը Էլովիչին պատկանող Walla յայտնի համացանցային միջոցներու մէջ՝ Նեթանիահուի աշխատանքի դրական լուսաբանման դիմաց: Կը նշուի, որ Իսրայէլի վարչապետը այդ գործով չանցնիր:


Գործով անցնող բոլոր կասկածեալները կը հերքեն անօրինական գործողութիւններուն իրենց ներգրաւուածութիւնը:


Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ Bezeq-ի գործադիր տնօրէն Սթելա Հենտլըրը, որ կը կասկածուի կաշառակերութեան, խարդախութեան, վստահութեան չարաշահման եւ այլ իրաւախախտումներու մէջ: