image
Հրատապ լուրեր:

Տեառնընդառաջի տօնը մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ

Տեառնընդառաջի տօնը մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս․ Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնը, նախագահութեամբ շրջանիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյս Սարկաւագներուն, Կիսասարկաւագներուն, Ուրարակիրներուն եւ Դպիրներուն եւ ներկայութեամբ Թեսաղոնիկահայ հոծ բազմութեան։

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Քառասնօրեայ Տաճար ընծայման տօնին առիթով, Նախատօնակի աւարտին շրջանի Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Ստեփանոս Վրդ․ Փաշայեան կատարեց նաեւ մանուկներու ընծայումը Ս․ Խորանին «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր․․․» տաղին ընկերակցութեամբ։ Առանձնապէս ոգեւորիչ էր՝ հետեւելով մեր կոչին, բազմաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները բերած էին, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկահայ հաւատացեալ թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ շրջաբակին մէջ իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան մեր այս գեղեցիկ աւանդութեանց ու սովորութեանց պահպանման ի խնդիր։

Հոգշ․ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանական հատուածին՝ Քրիստոսի Քառասնօրեայ Տաճար ընծայումին։ Իր խօսքին մէջ, Հոգշ․ Հայր Սուրբը ըսաւ․ «Որպէս ծնողներ, պարտաւորութիւն ու պարտականութիւն ունիք Ձեր զաւակները ուղարկելու եկեղեցի, որպէսզի անոնք կամաց-կամաց գիտնան մեր եկեղեցւոյ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, սորվի՛ն, մտածե՛ն, խօսի՛ն, վկայե՛ն ու մանաւանդ իրենք ալ իրենց կարգին, իրենց յաջորդներուն փոխանցեն։ Այս տօնը մեզի պատգամ մը կու տայ, եւ այդ պատգամը կը թելադրէ մեր զաւակները նուիրել ազգին, ընծայել եկեղեցւոյ, որպէսզի անոնք մեծնան բարոյական արժէքներով ու ազգային վառ ապրումներով»։

 


Ապա, Հոգշ․ Հայր Սուրբը Ս․ Խորանին վրայ զետեղուած Քրիստոսի մոմէն վառեց եկեղեցւոյ ատեանը դրուած երեք մոմերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մոմերը, որպէս խորհրդանիշ Ս․ Երրորդութեան եւ որպէս Քրիստոսի լոյս՝ տարածելու համայն աշխարհին։ Նախատօնակի ընթացքին, տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի գեղեցիկ ու զմայլիչ եկեղեցական արարողութիւնը՝ օրհնելով աշխարհի չորս կողմերը։

Ապա, Հոգշ. Հայր Սուրբը, եկեղեցւոյս սապասաւորներուն ընկերակցութեամբ եւ «Ուրախ Լեր․․․» շարականով թափօր կազմած եկեղեցւոյ բակին մէջ վառեց աւանդական կրակը։ Հաւատացեալներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ որպէս զուարճանք ցատկեցին կրակին վրայէն եւ իրենց հետ առնելով Քրիստոսի լոյսը, տարին իրենց տուները՝ որպէս օրհնութիւն։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուեցան Հ.Հ. Քայլերգն ու «Կիլիկիա» մաղթերգը։

Հայկական աւանդութեան համաձայն, հոծ բազմութեան ներկայութեան, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը ճոխացնելով յայտագիրն ու ներկաներուն առաւել եւս եռանդ տալով, շուրջպարերով կրակին շուրջ՝ պարեցին եւ մեծ ուրախութիւն պատճառեցին բոլորին անխտիր։

Եկեղեցական արարողութենէն եւ կրակի հրավառութենէն ետք, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ փոքր հիւրասիրութիւն եւ դարձեալ «Մասիս» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն կողմէ պարային ելոյթը։

Օրուան թամատայութիւնը ստանձնած էր Հոգշ. Հայր Սուրբը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան որպէսզի սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի։ Նախքան պարային ելոյթը, Հոգշ. Հայր Սուրբը ներկայացուց «Մասիս» պարախումբի անդամ-անդամուհիները առանձնաբար, իրենց պարուսոյցներով եւ տեղեկացուց, որ շաբաթը երկու օր, հերթաբար, բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ փորձ կատարելով հասցուցին այս մեծ յաջողութեան։ Ապա, «Մասիս» պարախումբի անդամ-անդամուհիները «Քոչարի» պարով ճոխացուցին օրուան երեկոն։ Իր սրտի խօսքը ունեցաւ եւ իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց նաեւ շրջանիս երիտասարդներէն՝ Յովիկ Գասապեան։

 


Աւարտին, Հոգշ. Հայր Սուրբը անգամ մը եւս իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն, յատկապէս Ատենապետուհիին՝ Տիկ. Տիրուհի Գալֆայեանին, Թաղական Խորհուրդին, որոնք անձնուիրաբար եւ կամաւոր կերպով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն մեր Գաղութի վերելքին, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս՝ առաւել վառ պահելով Հայ մշակոյթն ու Հայ Ազգի գոյատեւող բոլոր երեսները։ Պէտք է ըսել, որ Տեառնընդառաջի Տօնը մեծ հանդիսութեամբ ու ժողովուրդի հոծ բազմութեան գնահատանքի բարձր արժանացումով նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ։

Ի վերջոյ, յիշատակելի նկարով մը «Մասիս» Պարախումբը, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամ-անդամուհիները, Թաղական Խորհուրդն ու Հոգշ. Հայր Սուրբը պատուեցին զիրար։

Օրուան գեղարուեստական յայտագրի փակումէն ետք, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, «Մասիս» Պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն ընթրիքով մը պատուեց։ ընթրիքի ընթացքին, պարախումբի անդամ-անդամուհիները ներշնչուած օրուան յաջող ձեռնարկէն, շարունակեցին ուրախ ժամանց անցնել սրահէն ներս՝ պարելով, երգելով եւ իրար հետ զրուցակից դառնալով։

 

«ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ»

«ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ “Ղ. ՍԱՐԵԱՆ” ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ “ՄԱՍԻՍ” ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ

ԱՆԴԱՄ-ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐԸ»

 

Թղթակից