image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի նախագահ Աուն երկօրեայ այցելութեամբ՝ վաղը Հայաստան պիտի ժամանէ

Լիբանանի նախագահ Աուն երկօրեայ այցելութեամբ՝ վաղը Հայաստան պիտի ժամանէ

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն այսօր արտաքին կարճատեւ շրջապտոյտի կը սկսի, նախ դէպի Իրաք, ուրկէ ան վաղը պիտի ուղղուի Հայաստան` երկօրեայ այցելութեամբ:

Հայաստանի մէջ իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի  հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ պիտի տեսակցի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ Էջմիածինի մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ լիբանանեան գաղութի անդամներուն հետ:

Նախքան այդ, Իրաքի մէջ նախագահ Աուն նոյնպէս անջատ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` նախագահ Ֆուատ Մաասումիի, վարչապետ Հայտար Ապատիի եւ խորհրդարանի նախագահ Սելիմ Ժապպուրիի հետ: Նախագահ Աուն այս առիթով պիտի այցելէ անծանօթ զինուորի յուշարձանը եւ ասորի կաթողիկէներու առաջնորդարանը:

Այս առիթով նախագահին պիտի ընկերանայ պաշտօնական մեծ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, փտածութեան դէմ պայքարի պետական հարցերու նախարար Նիքոլա Թուէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հայաստանի մէջ պատուիրակութեան պիտի միանայ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղեր, իսկ Իրաքի մէջ` դեսպան Ալի Հապհապ: