image
Հրատապ լուրեր:

Ասատի որդին եւ հայազգի պատանին արտերկրի մէջ կը պարգեւատրուին

Ասատի որդին եւ հայազգի պատանին արտերկրի մէջ կը պարգեւատրուին

Պելառուսի մէջ Սուրիան ներկայացնող խումբը յաղթանակ տարած է պելառուսական խումբին դէմ:

Սուրիոյ մէջ Ռոպոթներու միջազգային ողիմպիական խաղերու պաշտօնական էջը յայտարարած է, որ Սուրիան ներկայացնող ռոպոթներու խումբը երկու մարզաձեւերու՝ սոմոյի եւ պոլինկի մէջ յաղթանակ գրանցած է:

Նշենք, որ յիշեալ խաղերու ժամանակ մրցոյթները կ'ընթանան երկու խումբերու ռոպոթներու միջեւ, որոնք իրար դէմ պայքար կը մղեն, մինչեւ անոնցմէ մէկուն յաղթանակը:

Ըստ կայքէջին փոխանցած տեղեկութեան, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի որդին՝ Քարիմը Նժդեհ Սերոբեան անունով հայազգի պատանիի մը հետ  միասին իր մասնակցութիւնը բերած էր մրցոյթներուն, եւ անոնց խումբը «Code 66» անունը կը կրէր:

Նշենք նաեւ, որ արաբական «The Voice Kids» նախագիծի սուրիացի մասնակից Եաման Քասսար նոյնպէս ճամբարի մասնակիցներէն էր, եւ ինչպէս կը յայտնէ իր ֆէյսպուքեան  էջին, ինք եւս մրցանակի արժանացած է, երգեցողութեան վկայագիր ստանալով: