image

Պոլսոյ մէջ լիբանանցի ամուսինները սուրիացիներու ձեռքով սպաննուած են (Տեսանիւթ)

Պոլսոյ մէջ լիբանանցի ամուսինները սուրիացիներու ձեռքով սպաննուած են  (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի երիտասարդ Մուհամմատ Մահմուտ Պաշիր եւ իր սուրիացի յղի կինը՝ Նսրին Քրէյտի Թուրքիոյ մէջ սպաննուած են:

Թուրքիոյ պաշտօնական լրատուական գործակալութեան համաձայն, խեղդամահ եղած զոյգին դիակը նետուած է պողոտայի վրայ, իսկ անոնց 10-ամեայ միակ դուստրը անհետացած է:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ոստիկանութիւնը որպէս կասկածեալներ ձերբակալած է երկու սուրիացիներ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ սպանութիւնն իրագործած են կողոպուտի նպատակով:

Աւելի ուշ սպաննուած ամուսիններու դուստրը յայտնաբերուած է իրենց բնակած շէնքի պահակին կողմէ եւ յանձնուած սպաննուած մօր ազգականներուն, այնուհետեւ պատսպարան տեղափոխուած է: