Սուրիոյ կառավարութիւնը ամերիկացի պասքէթպոլիստ Ճասթին Հոքինզին քաղաքացիութիւն շնորհած է, որպէսզի վերջինս հնարաւորութիւն ունենայ մաս կազմել երկրի հաւաքականին:
Լուրը իր ֆէյսպուքեան էջին պաշտօնապէս յայտնած է մարզական լրագրող Լութֆի Ալ Իսթիուանի:
Իր հերթին Պասքէթպոլի սուրիական միութիւնը յայտարարած է, որ Հոքինզ Սուրիոյ հաւաքականին մետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Չինաստանի մէջ կայանալիք Մոնտէալին:
Նշենք, որ Հոքինզ առաջին ամերիկացի խաղացողն է, որ սուրիական քաղաքացութիւն կը ստանայ ու կը միանայ երկրի հաւաքականին: