image

«Անդին» Գրական Ամսագիր Կը Նշէ Իր Ծննդեան 3-րդ Տարեդարձը

«Անդին»  Գրական Ամսագիր Կը Նշէ  Իր Ծննդեան 3-րդ Տարեդարձը

  «Անդին» գրական  ամսագիրը  ցուցահանդէսով մը պիտի նշէ իր ծննդեան 3-րդ տարեդարձը: Այս մասին վերահասու դարձանք       Ֆէյսպուք  ցանցի վրայ  երեւցած յայտարարութեամբ մը: Նշենք, որ     գրական  պարբերականը իր  3-րդ տարեդարձը պիտի նշէ     լուսանկարներու ցուցահանդէսով մը, որ պիտի կայացուի յառաջիկայ   Ուրբաթ  25 Դեկտեմբերին Երեւանի «Առնո Պապաջանեան»ի անուան համերգասրահին մէջ:  Յիշեցնենք, որ ամսագիրը  հիմնած է    հայրենի հրապարակախօս՝ Մերժուան Տէր Գուլանեանը, որ  ցայսօր կը վարէ   ամսագրի գլխաւոր խմբագրի պաշտօն: