image

«Հողի Կանչը». Շարժանկարը կը նուիրուի Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանի յիշատակին (Տեսանիւթ)

«Հողի Կանչը». Շարժանկարը կը նուիրուի Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանի յիշատակին (Տեսանիւթ)

2018 թ․ փետրուար 7-ին հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակ, Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան կը դառնար 60 տարեկան:

Հայաստանի համար ամենադժուարին տարիներուն եւ իր  մասնագիտութեան մէջ գագաթնակէտին հասած, յայտնի քաղաքագէտ, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան թողեց ամէն ինչ, Տաշքենտի այդ  տարիներու իր ապահով կեանքը եւ վերադարձաւ Հայրենիք, իր ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար: 1988-ի անհանգստութիւններով եւ վտանգներով լի տարին էր, երբ ան կնոջ ու մանկահասակ երեխաներուն հետ եկաւ ոչ թէ պարզապէս Հայաստան, այլ Ստեփանակերտ, ուր լուրջ ռազմական գործողութիւններ կը հասունանային:  Այդ ժամանակէն ի վեր շատ տարիներ  անցած են, սակայն Լ․Հ․Մելիք-Շահնազարեան երբեք չզղջաց իր ընդունած որոշման համար:

Ինչպէս կը կարծէր Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան,   իւրաքանչիւր հայու պարտքն է ոչ միայն ծառ տնկել ու որդի ծնիլ, այլեւ հոգ տանիլ Հայրենիքի մասին, որ ինչպէս եւ մայրը միակն է: Ան կ’ըսէր․ «Արդեօք մեր ֆինանսական բարեկեցութիւնն աւելի՞ արժէքաւոր է, քան մեր երեխաներու ապագան»:

Ըսել, թէ ինչ հսկայածաւալ աշխատանք  կատարած է Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի համար, կը նշանակէ` բան չըսել: Անոր հեռանալով փուլ եկաւ սիւնը, եւ անոր կորուստն անփոխարինելի կը թուի․․․

«Կամուրջ» մետիա կեդրոնը պատրաստած է «ՀՈՂԻ ԿԱՆՉԸ» շարժանկարը` նուիրուած մեծ Հայրենասէրի յիշատակին եւ կատարելով անոր կամքը: Մենք կը հաւատանք, որ անոր անմահ հոգին մեզի հետ է, եւ անոր գործերն ու մտքերը յաւիտեան պիտի ապրին մեր սրտերուն մէջ․․․

«Կամուրջ» մետիա կեդրոն