image

Հալէպ. Աշակերտները յիշատակած են Վարդանանքը, Բարեկենդանը եւ Տեառնընդառաջը

Հալէպ. Աշակերտները յիշատակած են Վարդանանքը, Բարեկենդանը եւ Տեառնընդառաջը

Երեքշաբթի, 13 փետրուարին, Հալէպի Ազգ. Միացեալ վարժարանի աշակերտները հանդիսաւոր արարողութեամբ յիշատակած են Վարդանանքը, Բարեկենդանը եւ Տեառնընդառաջը։

Անոնք նախ վարժարանի սրահին մէջ իրենց ծնողներուն դիմաց հանդէս եկած են երգերով եւ արտասանութիւններով։ Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին յիշեալ առիթները խորհրդանշող աշակերտներուն գծած նկարները։


Գեղարուեստական յայտագիրի սկիզբը խօսք առած է վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Զեփիւռ է. Րէիսեան, իսկ աւարտին, Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեան։

Ապա աշակերտներն ու իրենց ծնողները, տնօրէնութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան ու քահանայ հօր հետ ուղղուած են վարժարանի շրջափակ, ուր բոցավառած են Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը