image

Տեառնընդառաջը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Տեառնընդառաջը Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Հալէպի մէջ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Տեառնընդառաջի նախատօնակ, մասնակցութեամբ քահանայ հայրերուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։ Այս մասին կը գրէ «Գանձասար»ը:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ ըսած է.«Այսօր բոլորս, ամէն ժամանակէ աւելի, պէտք ունինք լոյս-Քրիստոսի ներկայութեան, որպէսզի իրեն մօտենանք, իր կամքը կատարենք, իրմով ջերմանանք, իրմով լուսաւորուինք, եւ իրմով կարենանք հեռացնել ամէն տեսակի աղտեղութիւն։ «Այսօր բոլորս պէտք ունինք մեր հաւատքի զօրագլուխին, որպէսզի իրմով զօրանանք եւ շարունակենք հայ քրիստոնէայի առաքելութիւնը»։

Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր պատգամի աւարտին խորան բարձրացած ու խորանի կանթեղին լոյսով վառած է ատեանի սեղանին վրայ դրուած եռոտանի աշտանակին մոմերը։

Այնուհետեւ մայրեր իրենց նորածին երեխաները եւ փոքրերը ընծայած են Աստուծոյ Ս. խորանին առջեւ կանգնած քահանային, անոր օրհնութիւնը ստանալու համար։