image

HDP -ի համանախագահին դէմ հետաքննութիւն սկսած է

HDP -ի համանախագահին դէմ հետաքննութիւն սկսած է

Թուրքիոյ մէջ հետաքննութիւն սկսած է երկրի քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) նորընտիր համախագահներէն մէկուն՝  Փերվին Պուլտանի նկատմամբ:

Ըստ թրքական «Birgun» թերթի կայքին, ան կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» մէջ:

Պատճառը՝ 2008 եւ 2015 թուականներուն Պուլտանի ունեցած ելոյթներն են, ուր քիւրտ կին քաղաքական գործիչը ըսած էր, որ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) առաջնորդ ցմահ բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանը պէտք է ազատ արձակուի: Բացի անկէ ան ըսած էր, որ «PKK»-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ եթէ հայցը բաւարարուի, ապա քիւրտ գործիչին մինչեւ 10 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ: