image

«Ղարաբաղը թրքական է եւ թրքական պիտի մնայ». Հակահայ պատգամներ Աֆրինի մէջ

«Ղարաբաղը թրքական է եւ թրքական պիտի մնայ». Հակահայ պատգամներ Աֆրինի մէջ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Եուրէյժանեթ» կայքի թղթակից Էմիլ Սանամեան կը գրէ, թէ ատրպէյճանական համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածուին լուսանկարներ թրքական հրթիռներու, որոնք իբրեւ թէ Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ թրքական զինուորական գործողութեան ընթացքին կը գործածուին քիւրտերու դէմ։

Հեթիռներուն վրայ կը նկատուին հակահայ պատգամներ. անոնցմէ մէկուն վրայ գրուած է. «Ղարաբաղը թրքական է եւ թրքական պիտի մնայ»։
Թուրք ազգայնամոլները վերջերս լուրեր կը տարածեն, թէ Աֆրինի ինքնապաշտանութեան մէջ իբր թէ քիւրտերուն սկսած են օգնելու նաեւ Սուրիոյ հայերն ու ասորիները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի եզիտիները, բնականաբար՝ առանց փաստեր տալու այդ մասին։