image

Արմէն Սարգսեանը այցելեց ՌԱԿ Երեւանի Կենտրոն

Արմէն Սարգսեանը այցելեց  ՌԱԿ   Երեւանի  Կենտրոն

Փետրուար 11-ին, Երևանի մէջ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմեն Սարգըսեանի հանդիպումը ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն և ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազիրեանի հետ:

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան  ներկայացնելով Արմեն Սարգսյանը   նշեց, որ վերջինիս թեկնածութեան առաջադրումը պետութեան համար այդ կարևորագոյն պաշտօնին ոգևորող է կուսակցութեան  համար, քանի որ լաւ ծանօթ  ըլլալով Արմեն Սարգսեանի գործունէութեան  թէ՛  Հայաստանի  և թէ՛ Սփիւռքի մէջ ,  կ'ակնկալեն  նոր քաղաքական մշակոյթի ձևաւորում և զարգացման նոր իրողութիւն  Հայաստանի համար:

Արմեն Սարգսեան նշեց, որ նախ կ’ուզէ լսել կուսակցութեան ակնկալիքներն ու մօտեցումները ինչպէս իր առաջադրման, այնպէս ալ Հայաստանի ներքին եւ համահայկական խնդիրներու  վերաբերեալ, ապա ներկայացնել իր տեսլականը: ՙԵկած եմ ձեզ լսելու՚, ըսաւ ան, յիշելով  անկախութեան առաջին տարիներու  իր այցելութիւնները  ՙԱզգ՚ի  խմբագրութիւն, երբ միտքը զբաղած էր համակարգչային ծրագրերու  համար հայկական տառատեսակներ ստեղծելու գաղափարով:

ՌԱԿի ներկայացուցիչները, անդրադառնալով իրենց մօտեցումներուն համահայկական հիմնախնդիրներու վերաբերեալ,   կը խօսէին Հայաստանէն ներս  օրէնքի գերակայութեան, ներքին մթնոլորտը փոխելու, Սփիււռքի հետ յարաբերութիւնները նորովի կառուցելու, Սփիւռքի ցանցային կառոյցները արդիւնաւէտ եւ ի նպաստ համահայական խնդիրներու լուծման գործածելու անհրաժեշտութենէն:  Առանձնակի արձագանգուեցաւ  գիտութեան  ու կրթութեան  զարգացման նպաստելու, զանգուածային լրատուամիջոցներու անկախութեան  նպաստելու  նոր քաղաքական մշակոյթ ձևաւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Արմեն Սարգսեան  մէկ առ մէկ անդրադարձաւ  բարձրացուող հարցերուն` բովանդակալից և խորքային պատասխան տալով անոնց, ներկայացնելով  նաեւ  իր մօտեցումներն ու տեսլականը: Ան անդրադարձաւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանը աշխարհին մէջ ընթացող գործընթացներուն` բարձր արհեստագիտութեան,  կրթութեան  ու գիտութիւնը խթանելուն, Հայաստանի հիանալի մարդկային ներոյժն օգտագործելով` Հայաստանի տեղը միջազգային ընդհանուր զարգացման մեջ ապահովելուն եւ  Հայաստանի համար աւելի լայն շուկայ  ապահովելուն:

Արմեն Սարգսեանէն  լաւատեսութիւն կը  փոխանցուէր` Հայաստանի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու իր ունեցած  վստահութեան առումով: Նախագահի պաշտօնի հանդէպ երկու մօտեցում առանձնացուց` կառավարման եւ առաջնորդման: Առաջինը գործադիր խնդիր է, որուն համար կայ կառավարութիւն: Մինչդեռ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու պարագային ան կ’ուզէր վերցնել առաջնորդողի դերը` դէպի փոփոխութիւններ, կրթական բարձր մակարդակով եւ աշխարհի տարածքին ընդունուած կանոններով երկիրը տանելով նոր գործելակերպի: