image

Մահացած է Ծովիկ Մինասեանը. Ան բնիկ Հալէպցի էր

Մահացած է  Ծովիկ   Մինասեանը. Ան  բնիկ  Հալէպցի էր

  Հոլանտայի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   Ծովիկ   Մինասեանը: Այս մասին  տեղեկութիւն  ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն: Մինասեան ծնեալ  Առաքելեան բնիկ    Հալէպցի էր  (արմատները Արեւմտահայաստանի Խարբերդ քաղաքէն):  Ամուսնացած էր Արիս Մինասեանին  հետ եւ բախտաւորուած էին չորս զաւակներով: Մինասեաններու ընտանիքը  ապրած է Գամիշլի մինչեւ 1987   թուականը, երբ անոնք      ընտանեօք փոխադրուած են Հոլանտա:          Հանգուցեալը  վերջին ամիսներուն  կը պայքարէր  ծանր հիւանդութեան   դէմ,  որուն հետեւանքով ալ փակեց իր աչքերը:

   Հանգուցեալի  յուղարկաւորութեան եւ   թաղման     արարողութեան  մասին        պիտի հաղորդուի աւելի  ուշ:

 Այս տխուր  առթիւ «Արեւելք»  իր խորազգաց      ցաւակցութիւնները կը յղէ   հանգուցեալի ընտանիքին  եւ մասնաւորապէս  թերթիս  մօտիկ  բարեկամ  Տիար  Արտօ Առաքելեանին: