image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ ցաւալի միջադէպ. Երկու սուրիահայեր շնչահեղձ եղած են

Հալէպի մէջ ցաւալի միջադէպ. Երկու սուրիահայեր շնչահեղձ եղած են

Հալէպի մէջ, 2 փետրուարին ցաւալի միջադէպ մը պատահած է Տապպաղեան ընտանիքի հետ, որուն զոհ գացած է ընտանիքի երկու անդամ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

1 Փետրուարի գիշերուայ ժամերուն, երբ Տապպաղեան ընտանիքի անդամները քնացած  եղած են  տան մէջ  կրակ  մը գոյացած է եւ անկէ առաջացած ծուխի պատճառով շնչահեղձ եղած եւ մահացած են Ալիս Ապտոյեան Տապպաղեանն ու անոր ամուսնոյն   եղբայր՝ Անթուան Տապպղեանը:

Տան մէջ եղած է նաեւ Ալիսի ամուսինը, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է:

Կրակի առաջացման պատճառերը դեռ չեն պարզուած: