image

Հնչակեան Քսաններու Մասին Թրքերէնով Հրատարակութեան Մը Շնորհանդէսը Պոլսոյ Մէջ

Հնչակեան Քսաններու  Մասին  Թրքերէնով Հրատարակութեան Մը Շնորհանդէսը Պոլսոյ Մէջ

 

 

«Էվրէնսէլ» հրատարակչութիւնը անցեալ ամիս լոյս ընծայած էր Հնչակեան քսան կախաղաններու վերաբերեալ յուշ-կենսագրական գիրք մը: 1921 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած եւ իր տեսակին  մէջ դասականացած «Քսան Կախաղանները» անուն գործին թրքերէն թարգմանութիւնն էր: Այդ թուականին Եդուարդ Չոփուրեանի աշխատասիրութեան հիման վրայ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքը վերջերս թրքերէնի թարգմանեց լրագրող-հրպարակագիր Արիս Նալճը: «Փարամազներ, Պէյազըտի մէջ քսան կախաղաններ» խորագրով լոյս տեսած գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կ'ընդգրկէ նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կանոնագրութիւնը, այլ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ մահապատժի դատապարտուածներու զանազան գրութիւնները: Այս  մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ»ը , որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ Բանկալչիի «կալերի պիրզամանլար»ի երդիքին տակ տեղի ունեցած է  գիրքին շնորհանդէսը: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Նոստալժի» գրախանութի եւ «Էվրէնսէլ» հրատարակչութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ:  Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են թարգմանիչ՝ Արիս Նալճը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան: Ներկայ էին նաեւ «Կալերի պիրզամանլար»ի եւ համանուն հրատարակչութեան ղեկավար Օսման Քէօքէր եւ «Նոստալժի» գրախանութի տնօրէն Սիւհա Համամճը:Շնորհանդէսի մասնակիցները հետաքրքրական բացատրութիւններ լսած են ատենախօսներուն կողմէ: Արիս Նալճը ընդհանրապէս կանգ առած է գիրքին, անոր բովանդակութեան վերաբերեալ զանզան հանգամանքներուն եւ պարունակութեան մէջ տեղ գտած կենսագրութիւններուն վրայ: Իր կարգին, Բագրատ Էսդուգեանն ալ Հնչակեան քսան կախաղանները մեկնաբանեց, թէ՛ որպէս փաստ եւ թէ՛ որպէս երեւոյթ: Ան խօսեցաւ մերօրեայ իրականութեան վրայ անոնց ունեցած անդրադարձին շուրջ: Փարամազի եւ տասնինը  ճակատագրակից ընկերներուն ապրածը Բագրատ Էսդուգեան ներկայացուց նաեւ Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական մշակոյթի ձեւաորման տեսանկիւնէն:

Ինչպէս ծանօթ է, Հնչակեան քսան կախաղաններու երեւոյթը վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ՝ հայկական հարցի թապու մը ըլլալու դադրելու հանգամանքի ծիրէն ներս: Զուգահեռաբար, վերջին տարիներուն տեղի կ'ունենայ Հնչակեան քսան կախաղաններու ոգեկոչումներ, որոնց վերջինը տեղի ունեցած էր Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, ուր այդ շրջանին ամփոփուած էին Փարամազի եւ իր ընկերներուն մարմինները, սակայն գերեզմանատան տարածքէն ներս ցարդ անյայտ կը մնայ անոնց թաղուած ստոյգ վայրը: