image

Գերմանիոյ դեսպանը այցելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին

Գերմանիոյ դեսպանը այցելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին

Երէկ` երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը` Մարթին Հութը եւ իր կինը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցիլ յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիոյ նախագահին Լիբանան կատարելիք այցելութեան շուրջ:

Արդարեւ, հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս վերջերս Գահիրէի մէջ Երուսաղէմի մասին տեղի ունեցած համագումարին հետ կապ ունեցող նիւթեր: