image

Երեւան հաստատուած սուրիահայ ուսանողները ՌԴ դեսպանատան առջեւ շնորհակալական հաւաք կազմակերպուած են

Երեւան հաստատուած սուրիահայ ուսանողները ՌԴ դեսպանատան առջեւ շնորհակալական հաւաք կազմակերպուած են

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ ուսանողական միութիւնը, Միջազգային մարդասիրական զարգացման ՀԿ-ն եւ մի քանի այլ հասարակական կազմակերպութիւններ 16 յունուարին հաւաքուած էին ՌԴ դեսպանատան առջեւ՝ շնորհակալական նամակ յանձնելու Սուրիոյ ազատագրման գործին մէջ ցուցաբերած օժանդակութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդին, այդ շարքին նաեւ այնտեղի հայկական համայնքին, պատերազմի տարիներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»ը:

Դեսպանութեան ուղղուծ նամակին մէջ ըսուած էր. «Սուրիոյ ուսանողներու միութեան Հայաստանի մէջ սորվող սուրիացի ուսանողներու անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ նախագահին, բանակին, Սուրիոյ ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք պաշտպան կանգնեցան սուրիական ժողովուրդին՝ գնահատելով անոնց ահաբեկչական գործողութիւններուն դիմակայելու կամքը:

Այսօր հաւաքուած ենք շնորհակալութեան խօսք յղելու ՌԴ նախագահ պատուարժան Վլատիմիր Փութինին եւ ռուս ժողովուրդին, որ պատմութեան ընթացքին յատուկ յարաբերութիւններ ունեցած է Սուրիոյ ժողովուրդին հետ:

Այս ժամանակահատուածին Մոսկուան կանգնեցաւ Դամասկոսի կողքին՝ թէ դիւանագիտական ճակատին, թէ պատերազմի դաշտին՝ պայքարելով միջազգային ահաբեկչութեան դէմ:

Կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը մեր բարեկամ Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ Սուրիոյ հանդէպ շարունակական աջակցութեան համար:

Կեցցէք Դուք, կեցցէ յաղթող Սուրիան»:

ՌԴ դեսպանութենէն դուրս եկած է Դեսպանութեան խորհրդական Ալեքսանտր Վասիլեւ եւ ընդունած է նամակը: Ան նշած է, որ անպայման նամակը կը փոխանցէ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան: