image

«Կը կարծէի, որ կու գայ». Արա Կիւլէրի խօսքը իր պատուին տրուած ընդունելութեանը Էրտողանի մասնակցութեան մասին

«Կը կարծէի, որ կու գայ». Արա Կիւլէրի  խօսքը իր պատուին տրուած ընդունելութեանը Էրտողանի մասնակցութեան մասին

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ներկայ չէ եղած աշխարհի 7 լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկը համարուող պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի պատուին կազմակերպուած միջոցառման, որուն հրաւիրուած եղած է, կը գրէ թրքական haberler.com կայքը:

Պատասխանելով լրագրողներուն՝ նախագահի չներկայանալու մասին հարցին, Կիւլէր նշած է, որ ամէն սպասած է անոր:

«Կը կարծէի՝ կու գայ», - ըսած է Կիւլէր եւ պատմած Էրտողանի հետ ծանօթութեան ու համագործակցութեան մասին:

«Տեղ մը գացած էինք, այնտեղէն բաներ մը պիտի գնէի, այդտեղ մտերմացանք, յետոյ գացի անոր տուն, լուսանկարեցի իրեն եւ ընտանիքին: Իմ ժամանակաշրջանիս քանի նախագահ եկեր-անցեր է, երեւի 20 կամ 30, բայց ոչ ոք ասոնց (ԱՄՆ-ի-խմբգ.) դէմ դուրս չեկաւ, ինչպէս Էրտողանը, ես այս առումով կը հաւնիմ Էրտողանը», - նշած է Կիւլէր:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպողայ փողոցը, ուր մեծցած է լուսանկրիչը եւ ուր կը գտնուի Կիւլէրի ընտանիքի արհեստանոցը, արդէն պաշտօնապէս Արա Կիւլերի անունով կը կոչուի:

Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Արա Կիւլեր, զոր նաեւ կ՛անուանեն «Սթամպուլի աչք», ծնած է 1928-ին Պոլսոյ մէջ: 1950-ին սկսած է լրագրողական գործունէութեան Yeni İstanbul պարբերականին մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ:

Ան լուսանկարներու միջոցով ներկայացուցած է համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին` Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլտ Թոյնպի, Պերթրանտ Ռասըլ, Փիքասօ, Սալվատոր Տալի եւ այլք: