image

Հանգուցեալ Վահէ Գասարճեանի հոգեհանգիստը՝ այսօր (Մահազդ)

Հանգուցեալ Վահէ Գասարճեանի  հոգեհանգիստը՝ այսօր (Մահազդ)

Անցնող  14 Յունուարին, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած Վահէ Գասարճեանի  յուղարկավարութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կայացուի այսօր՝ երեքշաբթի 16 յունուարին: Այս  մասին  տեղեկացանք հանգուցեալի պարագաներէն:

Հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի ժամը 13:00-ին, Երեւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Մալաթիա), որմէ ետք հարազատները ներկաներուն ցաւակցութինը պիտի ընդունին «Ապու Յակոբ»  ճաշարանէն ներս (Երուանդ Քոչար): 

Յիշեցնենք, որ 1949-ի ծնունդ, հալէպահայ Վահէ Գասարճեան իր մահանացուն կնքեց երեւանի մէջ, յետ  երկարատեւ հիւանդութեան: Երկար  տարիներ «Քարէն  Եփփէ Ազգային վարժարան»ի երգի ուսուցիչ եւ  Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ դպրապետ ու դպրաց դասի  պատասխանատու  պրն. Վահէն, Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ասդին փոխադրուած էր Հայաստան: