image

Գանատա հաստատուած սուրիահայեր վարորդական իրաւունք ստանալու քննութիւնը հայերէնով պիտի յանձնեն

Գանատա հաստատուած սուրիահայեր վարորդական իրաւունք ստանալու քննութիւնը հայերէնով պիտի յանձնեն

Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ, վերջին տարիներուն այնտեղ հաստատուած հայերուն պիտի արտօնուի՝ վարորդական իրաւունքի գրաւոր քննութիւնը յանձնել հայերէն լեզուով: Այս մասին յայտարարած է Օնթարիոյի փոխադրամիջոցի նախարար Սթիվըն տել Տուգան` ելոյթ ունենալով Թորոնթոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ:

Այս արտօնութիւնը գործի պիտի դրուի 2018-ի գարնան, որու համաձայն, Օնթարիոյի եւ Գանատայի ամենամեծ քաղաքին` Թորոնթոյի մէջ, հաստատուած նորեկները աւելի դիւրութեամբ պիտի սորվին ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները, յայտնած է Ontario News-ը:

Ներգաղթեալները, բացի պաշտօնական անգլերէնէն եւ ֆրանսերէնէն, գրաւորները պիտի կրենան յանձնել եւս 20 լեզուով:

Նշենք, որ 16 տարիէ ի վեր Օնթարիոյի ճանապարհները ամենաանվտանգներէն կը համարուին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: