Երկու տարի առաջ, Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած հալէպահայ Կարապետ Ամպարճեանի մահուան երկրորդ տարելիցի առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Պէյրութի մէջ:
Հալէպահայ յայտնի գործարարը երկար տարիներ ծառայած է քաղաքի Ազգային կառոյցներուն եւ եղած է Հալէպի ազգային պատսպարանի խնամակալ: Ան իր ցուցաբերած նուիրումին համար արժանացած է Սուրիոյ երեք հայ համայնքապետերու «Ծառայութեան պատուոյ շքանշան» ին:
Հանգուցեալին հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի կիրակի՝ 14 յունուար, 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Այս առթիւ Կարապետ Ամպարճեանի որդին՝ Ճորճ Ամպրճեան հետեւեալ գրառումը կատարած է.-
«Երկրորդ տարին ըլլալով, հայրիկ, ֆիզիքապէս բացակայ ես մեզմէ, սակայն ներկայ է մեր սրտերուն մէջ՝ յոյս եւ ուժ ներշնչող քու ոգիդ:
Հա՛յր, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ քեզ ճանչցող բոլորին յիշողութեան մէջ:
Քու բարի ու քուրքուրացող յիշատակդ միշտ վառ պիտի պահենք մեր սրտերուն մէջ:
Տիրան, Նորա, Ճորճ, Թամար»: