image

Սուրիահայ երգիչը թրքերէն երգելու համար ներողութիւն կը խնդրէ (Տեսանիւթ)

Սուրիահայ  երգիչը   թրքերէն երգելու համար  ներողութիւն  կը խնդրէ  (Տեսանիւթ)

Սուրիահայ շրջանակներուն մօտ յայտնի անուն հանդիսացող երգիչ՝ Աբիկ Արոյեան  իր դիմատետրի էջին տեսանիւթ մը հրապարկելով ներողութիւն խնդրած է հայութենէն:

 

Ան նշած է, որ Երեւանի մէջ օրեր առաջ, որպէս երգիչ կը գտնուէր կնունքի արարողութենէն ետք տեղի ունեցող խրախճանքին, ուր իր ըսելով կային պոլսահայեր ու ան ընդառաջելով անոնց փափաքին թրքերէնով երգ երգած է:

Արոյեան մասնաւորապէս ըսած է. «Իրենց խնդրանքով փոքր մաս մը ես թրքերէնով երգեցի: Յարգելի հայ ժողովուրդ ես ներողութիւն կը խնդրեմ եղածին համար»,-ըսած է երգիչը:

Մեր տեղեկութիւններով Արոյեան ծնած է Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանին մէջ ու տարիներէ ի վեր կը զբաղուի երգարուեստով:

Լայն տարածում ունին Արոյեանի ոչ միայն հայերէն, այլ նաեւ արաբերէն լեզուով  ըրած կատարումները:

 

 Յիշեցնենք, որ  Արոյեան  այս  տեսանիւթը  հրապարակած է նկատելէ ետք, որ թեմային շուրջ թէժ ու մեղադրական քննարկումներ կը կատարուին յատկապէս համացանցային կարգ մը էջերու վրայ: