image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Գրիչի Ցուցահանդէսին

Պէյրութի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Մոնթեկրափփա-Էրեբունի Գրիչի Ցուցահանդէսին

Դեկտեմբեր 15-ի երեկոյեան  Հայկազեան համալսարանի Մաթոսեան սրահին մէջ բացուեցաւ «Էրեբունի Հայկական Գրիչ»ի առաջին հանրային ցուցադրութիւնը Լիբանանի մէջ:«Էրեբունի Գրիչ»ը նախաձեռնութիւնն է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած երկու ակնառու հայ գործարարներու՝ Գրիգոր Ճապուրեան եւ Տիգրան Չապլաքեան:  Անոր ձեւաւորումը գործն է լիբանանահայ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ Սագայեանի, իսկ արտադրութիւնը՝ Մոնթեկրափփա հաստատութեան, որ գրիչներու արտադրութեան Իտալիոյ ամենահին հաստատութիւնն է եւ աշխարհի ամենաբարձրակարգերէն մէկը:«Էրեբունի Գրիչ» ին կ՛ընկերանայ ութ լեզուներով յուշամատեան մը, ուր ներկայացուած են Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իրենց կարեւորագոյն ներդրումը ունեցած 61 հայ անձնաւորութիւններ: Գիրքին հեղինակն է դոկտ. Հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան: «Էրեբունի Գրիչ»ը իւրայատուկ նշում մըն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ գեղեցկագոյն մեծարում մը՝ հազարաւոր տարիներու ընթացքին Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդի ստեղծած մշակութային արժէքներուն: Անիկա առաջին անգամ ներկայացուեցաւ 2015-ի Պազելի միջազգային ցուցահանդէսին, Զուիցերիա, արժանանալով լայն հետաքրքրութեան: Գրիչի հաւաքածոն 23 Նոյեմբեր 2015-ին ստացաւ Middle East Jewellery -Year 2015 մրցանակը, «Լաւագոյն Արուստի եւ Ձեռարուեստի Գործ»  դասակարգումին մէջ, ճանչցուելով լաւագոյնը՝  382 մրցոյթային գործերուն մէջ:Ցուցահանդէսի բացումին մեկնարկ առաւ յատուկ աճուրդ մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ կարիքաւոր մանուկներու: Աճուրդի դրուած է Էրեբունի Յաւերժ մէկ արծաթեայ գրիչ՝ հանրայայտ մարզիկ Հենրիկ Մխիթարեանի մարզաշապիկին եւ գնդակին հետ միասին՝ ստորագրուած իր կողմէ: Մխիթարեան միացաւ գրիչի նախաձեռնող խումբին, նպաստելու համար անոր բարեսիրական ծրագիրներուն: Նոյն նպատակին ուղղուած է նաեւ ցուցահանդէսին գրիչներու վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ կարեւոր մասը: «Էրեբունի Հայկական Գրիչ»ի ցուցադրութիւնը Հայկազեան համալսարանին մէջ կը շարունակուի մինչեւ 19 Դեկտեմբեր : Աճուրդին փակումը  տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ երեկոյեան 5-ին, երբ պիտի յայտարարուի նաեւ շահողին անունը: