image

Պոլսահայ Կարօ Արմէնի ջանքերով՝ 3.6 միլիոն տոլար Հայաստանի գիւղերուն

Պոլսահայ Կարօ Արմէնի ջանքերով՝ 3.6 միլիոն տոլար Հայաստանի գիւղերուն

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 14րդ տարեկան երեկոյթի ընթացքին՝ շաբաթ, 16 դեկտեմբերին, հանգանակուած է 3.6 միլիոն տոլար: Նիւ Եորքի յայտնի Սիփրիանիի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթի գլխաւոր հիւրերու շարքին էին Թոնի Շաֆրազ, դերասանուհի Անտրէա Մարթին, ձեւաւորող Մայքըլ Արամ, խոհարար Ճէոֆրի Զաքարեան, դերասան ու երգիչ Վանեսա Ուիլիըմզ եւ ուրիշներ:

Երեկոյթի ընթացքին ոգեւորող ելոյթով հանդէս եկած է եւ Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Լեռնագոգ գիւղէն 16ամեայ Նարէ Գալստեան:

Երեկոյթի ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններու մէջ Հիմնադրամի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Առանձին ուշադրութեան պիտի արժանանայ նորարար SMART նախաձեռնութիւնը, որ կ՝առաջադրէ թուային արհեստագիտութեան կրթութիւն ջամբել գիւղացի երեխաներուն:

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի նախագահն ու հիմնադիրն է տոքթ. Կարօ Արմէն: