
ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը քննարկուի Լիբանան ապաստանած սուրիացի փախստականներու չափազանց ծանր իրավիճակը:
«Ըստ ՄԱԿ-ի վերջին ուսումնասիրութիւններուն, Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականները աւելի վատ վիճակի մէջ են, քան երբեք: Անոնց կէսէն աւելին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ են, իսկ աւելի քան երեք քառորդը աղքատութեան սահմանագիծէն վար են»,- նշուած է յօդուածին մէջ:
Ըստ յօդուածին, նախորդ տարուայ տուեալներու համեմատութեամբ, աղքատութեան մէջ յայտնուած սուրիացի փախստականներու թիւը 5%-ով աճած է: Փախստականները իրենց առօրեայ կարիքները հոգալու անհրաժեշտ միջոցներ չունին, հետեւաբար անոնք հազիւ կը յաջողին գոյատեւել: Անոնց մեծ մասը իրենց տրամադրուած մարդասիրական օգնութիւններով կ'ապրի, որոնք սակայն մշտական չեն:
Մտահոգիչ է նաեւ ապօրինի փախստականներու վիճակը, որոնք չեն կարողացած ձեռք բերել Լիբանան բնակելու օրինական իրաւունք, հետեւաբար անոնց մեծ մասի նորածին զաւակները չեն արձանագրուիր պետական մարմիններու կողմէ:















