image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս դեսպանի սպաննութեան գործով նոր ձերբակալեալ

Ռուս դեսպանի սպաննութեան գործով նոր ձերբակալեալ

Թուրքիոյ մէջ 19 դեկտեմբեր 2016-ին  սպանուած ռուս դեսպան Անտրէ Քարլովի գործով նոր կալանաւորուած կայ:

Ըստ «CNNTurk» լրատուական ծառայութեան՝ Անգարայի ոստիկանութիւնը կալանաւորման նպատակով բերման ենթարկած է  ոմն Ռամազան Եուճէլին, որ կապ ունեցած է սպանութեան հետ:

Եուճէլ կը հանդիսանար նախկին ոստիկան, որ հեռացուած էր իրաւապահ համակարգէն՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլէնական համայնքի հետ կապ ունենալու պատճառով:

Անգարայի դատարանը, Եուճէլին առաջադրելով «ծրագրուած սպանութեան մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք, անոր նկատմամբ կալանաւորման որոշում կայացուցած է:

Յիշեցնենք, որ Քարլով սպանուած էր 19 դեկտեմբեր-ին, Անգարայիմէջ:  Ռուս դեսպանի վրայ յարձակումը կատարուած է Անգարայի մէջ ժամանակակից արուեստի կեդրոնէն ներս, ուր տեղի կ'ունենար «Ռուսաստանը՝ Քալինինկրատէն մինչեւ Քամչատկա, զբօսաշրջիկի աչքերով» լուսանկարչական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը։

Յարձակումը իրականցուցած է Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշը, որ եղած է ոստիկանութեան աշխատակից, մտած է
թանգարան, Քարլովի ելոյթի ժամանակ նախ օդը կրակած է, ապա մէջքէն կրակած է դեսպանին վրայ։