image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմ. Նշուած է Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Օսմանեան լուծէն ազատագրման 100 ամեակը

Երուսաղէմ. Նշուած է Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Օսմանեան լուծէն ազատագրման 100 ամեակը

Երէկ՝ 11 դեկտեմբերին, Երուսաղէմի Հին Քաղաքին մէջ նշուած է Բրիտանացիներու կողմէ` Օսմանեան լուծէն քաղաքի ազատագրման 100 ամեակըԱյս մասին կը տեղեկանանք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեանի ֆէյսպուքեան էջէն:


Գրառուման  մէջ նշուած է, որ այս առթիւ զօրավար Ալենպի մուտք գործած է Երուսաղէմ, որմէ ետք, ութ լեզուներով, ներառեալ հայերէնով, ընթերցուած է քաղաքի մէջ ռազմական դրութիւն հաստատելու հռչակագիրը: 

 Դաւթի աշտարակի թանգարանին մէջ հիւրերու համար ելոյթ ունեցած է նաեւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի երգչախումբը:

Արարողութեան ներկայ եղած են զօրավար Ալենպիի ընտանիքի անդամները եւ Երուսաղէմի քաղաքապետը: