image
Հրատապ լուրեր:

Լաթաքիոյ բնակիչներն ի՞նչ ուղարկած են Հալէպ եւ Տէր Զօր (Տեսանիւթ)

Լաթաքիոյ բնակիչներն ի՞նչ ուղարկած են Հալէպ եւ Տէր Զօր (Տեսանիւթ)

Լաթաքիա նահանգի պատկան մարմիններն ու բնակչութիւնը շատ մեծ քանակութեամբ կիտրոնազգի պտուղներ ուղարկած են Հալէպի եւ Տէր Զօրի բնակիչներուն: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Ըստ աղբիւրին, Լաթաքիոյ նահանգապետն անձամբ հետեւած է, բարձրագոյն որակի պտուղները հաւաքելու, բեռցնելու եւ ուղարկելու աշխատանքներուն:

Նահանգապետին հաւաստմամբ, աշխատանքներն իրականացուցած են նահանգապետարանի կողմէ նշանակուած յանձնաժողովի անդամները, որոնք գիւղացիներէն բերքը գնած, այնուհետեւ փաթեթաւորած ու բեռցուցած են: