image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբէն առաջ Էրտողան Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցած է. Փայլան

Թրամբէն առաջ Էրտողան Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցած է. Փայլան

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Twitter»-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան:

«Իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութիւնը Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցած է Թրամփէն առաջ։ Այժմ այդ կուսակցութեան պատասխանատուները՝ իրենց աժանագին ցուցադրութիւններով՝ կը փորձեն հանրային ուշադրութիւնը շեղել իրենց գործած անօրէնութիւններէն»,- գրած է Կարօ Փայլան՝ ներկայացնելով իշխող կուսակցութեան եւ Իսրայէլի իշխանութիւններուն միջեւ «Մաւի Մարմարայի» գործով ստեղծուած համաձայնագիրը, ուր կը յիշատակուի, որ համաձայնագիրը կը ստորագրուի Անգարայի եւ Երուսաղէմի միջեւ։ Երուսաղէմը այստեղ նկատի կ՚առնուի իբրեւ մայրաքաղաք, այնպէս ինչպէս Անգարան։