image
Հրատապ լուրեր:

«Ես Իսրայէլը կ'ատեմ» հանրածանօթ երգի մեկնաբանին պատասխանը Թրամբի որոշման (Տեսանիւթ)

«Ես Իսրայէլը կ'ատեմ» հանրածանօթ երգի մեկնաբանին պատասխանը Թրամբի որոշման (Տեսանիւթ)

Եգիպտացի ժողովրդական երգերու մեկնաբան Շաապան Ապտ Ալ Ռահիմ, որ Արաբական աշխարհի մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ իր հեղինակած «Ես Իսրայէլը կ'ատեմ» երգին շնորհիւ, օրերս նոր երգով հանդէս եկած է, ուր կ'արտայայտէ Թրամբի որոշման դէմ իր զայրոյթը: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Ապտ Ալ Ռահիմի նոր երգին խորագիրն է. «Վե'րջ, Թրամբ խենթացաւ», որուն բառերը գրած է բանաստեղծ Իսլամ Խալիլ:

«Վե'րջ, Թրամբ խենթացաւ, ու անոր վանդակ պէտք է,

Բոլորդ ուշադի'ր եղէք, կրնայ խածնել, կամ աքացել:

Ի՞նչ գործ ունիս Երուսաղէմի հետ, ով խայտառակ մարդ»,- կ'ըսեն երգին բառերը: