image
Հրատապ լուրեր:

Տինքի սպանութեան գործով 5 կասկածեալ ազատ արձակուած է

Տինքի սպանութեան գործով  5 կասկածեալ ազատ արձակուած է

8 Դեկտեմբերին կայացած Թուրքիոյ գերագոյն դատական նիստին, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով որոշում տրուած է 5 կասկածեալ ազատ արձակելու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական NTV-ն:

Յայտնի է, որ ազատ արձակուածները` Պեքիր Եոքուշը, Էճեւիթ Էմիրը, Էմրէ Ճինկէօզը, Հաճը Շէրիֆ Շիմշէքը եւ Շերեֆ Աթէշը, սպանութեան ժամանակ Պոլսոյ ուստիկանութեան հրամանատարութեան աշխատակիցներ եղած են: Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ կայացած դատական նիստի ընթացքին արձանագրուած է, որ որոշ տեսաձայնագրութիւններու մէջ կը բացակայի կասկածեալներու յստակ նոյնականացումը:

Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին` խմբագրութեան առջեւ անոր վրայ կատարուած զինուած յարձակման հետեւանքով: