image

Աթէնքի քիւրտերը Էրտողանը ցոյցերով դիմաւորեցին

Աթէնքի քիւրտերը  Էրտողանը ցոյցերով դիմաւորեցին

Աթէնք բնակող քիւրտերը փոծոց դուրս եկած են՝ ի նշան բողոքի ընդդէմ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի 7 դեկտեմբերին Աթէնք այցին:

Ցուցարարներու պաստառներուն վրայ Էրդողանին նմանցնելով Հիթլէրին  անուանած են «ահաբեկիչ» եւ «ֆաշիստ»:

Ցուցարարներու շարքին են Աթէնքի մէջ Քիւրտիստանի մշակութային կեդրոնի անդամները, որոնց ձեռքին եղած պաստառներուն վրայ գրուած են՝ «Ազատութիւն Օճալանին», «Էրտողան՝ բռնապետ»: Անոնք անցած են քաղաքի փողոցներով եւ այրած Էրտողանի նկարով պաստառը:

«Մենք չենք ընդունիր բռնապետ Էրտողանի այցը Յունաստան: Էրտողան ու իր կուսակցութիւնը սպանած են Թուրքիան, Մերձաւոր Արեւելքը եւ յատկապէս քիւրտ ժողովուրդին: Ան այն մարդն է, որ երկար տարիներ զանգուածային սպանութիւններ կ'իրականացնէ Քիւրտիստանի մէջ: Անոր Յունաստան այցը անընդունելի է»,-ըսուած է Քիւրտիստանի մշակութային կեդրոնի յայտարարութեան մէջ:

Քիւրտերու բողոքի ցոյցի ընթացքին միջադէպեր չեն արձանագրուած, ոստիկանութիւնը չէ միջամտած, Էրտողանի թիկնապահները ցուցարարներուն վրայ չեն յարձակած:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը երկօրեյ այցով ժամանած է Յունաստան: Վերջին 65 տարիներու ընթացքին սա Թուրքիոյ ղեկավարի առաջին այցն է Յունաստան: Այցի նպատակն է բարելաւել թուրք-յունական յարաբերութիւնները: