image

Էրտողան. Լոզանի դաշնագիրը պէտք է վերանայուի. Աթէնք մտահոգ

Էրտողան. Լոզանի  դաշնագիրը պէտք է վերանայուի. Աթէնք մտահոգ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Յունաստան կատարած այցէն քանի մը ժամ առաջ յունական Skai հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ Լոզանի խաղաղութեան պայմանագիրը վերանայման կարիք ունի, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:


Յունաստանի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը արդէն յայտարարած է Էրտողանի հարցազրոյցի առնչութեամբ «լուրջ մտավախութիւններու» մասին:


Լոզանի պայմանագիրը, ի թիւս այլ հարցերու, սահմաններ կը հաստատէ երկու երկիրներու միջեւ եւ կը սահմանէ Եգիական ծովի կղզիներու նկատմամբ Յունաստանի իրաւունքները:


«Երբ ես կը խօսիմ վերանայման մասին, մենք կրնանք քննարկել ամէն ինչ: Հնարաւոր է՝ Յունաստանին որոշ հարցեր, որոշ կանխատեսումներ ջղայնացնեն, բայց մենք կրնանք նստիլ եւ քննարկել»,- ըսած է Էրտողան:


Ան յստակեցուցած է, որ քննարկումը, որ կ'ուզէ ընել, չի վերաբերիր Յունաստանին, այլ՝ ամբողջ շրջանին:


Թուրքիոյ նախագահը չի պարզաբաներ, թէ ինչ փոփոխութիւններ կը ձգտի իրականացնել:


Էրտողանի յայտարարութիւնները կտրուկ կը հակասեն Յունաստանի դիրքորոշման, որ 1923 թուականի Լոզանի պայմանագիրը կը համարէ երկկողմ յարաբերութիւններու անվիճելի հիմք:


Լոզանի պայմանագիրը 24 յուլիս 1923-ին կնքուած հաշտութեան պայմանագիր է՝ 8 ամիս տեւած Լոզանի համաժողովի հիմնական աւարտական փաստաթուղթերէն մէկը։ Այն պաշտօնապէս հանգուցալուծեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 1919-1922 թուականներուն առկայ հակամարտութիւնը, մասնաւորապէս՝ թուրք-յունական պատերազմը: