image

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Արին պարախումբը լիբանանահայ մշակոյթի բարձունքը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Արին պարախումբը լիբանանահայ մշակոյթի բարձունքը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը անվարանօրէն դարձած է լիբանանահայ պարարուեստի պարծանքը: Մշակութասէր հանդիսատեսը  անհամբերութեամբ կը սպասէ  «Արին» պարախումբին  ելոյթները:

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ին, Լիբանանի մէջ գործող օտար դիւանագիտական շրջանակներու տիկնանց համախմբումին կազմակերպութեամբ, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային բարեսիրական  պազար: Աւանդութիւն  դարձած սոյն  պազարին հասոյթը կը   յատկացուի բարեսիրական հաստատութիւններու:

Լիբանանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատան հրաւէրով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը իր մասնակցութիւնը  բերաւ  պազարի  ընթացքին  նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրին: Պարախումբը, տիկնանց վարչութիւնը,  պարախումբի  գեղարուեստական ղեկավար  Գայիանէ Մածունեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան  կեդրոնէն  երկու մեծ  օթոպիւսներու  ընկերակցութեամբ մեկնեցան «Ֆենիսիա» պանդոկ:  Լիբանանի մէջ Հայաստանի  դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթօ Գունտաքճեան, Շահան  Սեմերճեան  պանդոկի մուտքին  դիմաւորեցին  պարախումբի  կազմը:

Պարախումբին ելոյթները տեղի ունեցան «Ֆենիսիա» պանդոկին մեծ սրահին մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի 75 անդամ-անդամուհիներէն  միջակ աղջիկները եւ տղաքը  ներկայացուցին «Նինօ» եւ «Վասպուրական» պարերը, իսկ մեծ տղաքը եւ աղջիկները՝ «Գողթան» եւ«Վարդագոյն Աղջիկներ» պարերը:  Հայ եւ օտար ներկաներ  մեծապէս խանդավառուեցան «Արին» պարախումբի ճաշակաւոր եւ  բարձրորակ ելոյթներէն:  Դիւանագիտական օղակի ներկայացուցիչներ, ոգեւորուած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի «Արին» պարախումբի  ելոյթներէն  իրենց   յարգանքն ու  հմայքը  յայտնեցին  հայ  մշակոյթին:

 Վարձքը կատար ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-Ի «Արին»  պարախումբի  անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական  ղեկավար Գայիանէ  Մածունեանին, պարախումբի  տիկնանց վարչութեան  ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ  ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը  խնայեն բարձր պահելու  հայ  մշակոյթին փառքն ու աւանդութիւնները:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ