Սուրիոյ Տեղական ինքնակառավարման եւ բնապահպանութեան նախարար Հուսէյն Մախլուֆ յայտարարած է, որ երկրի վարչապետը համաձայնած է Պելառուսիոյ հետ կնքուած պայմանագրին համաձայն 200 հանրակառք ներածելու, ինչպէս նաեւ իրանեան վարկային գիծի օժանդակութեամբ 600 հանրակառք ձեռք բերելու եւ 200 հանրակառք գնելու որոշման: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Նախարարին հաւաստմամբ, նախատեսուած է պելառուսական ընկերութեան մը հետ ներածման պայմանագիր կնքել, ի լրումն երկու երկիրներու միչեւ նախատեսուած համագործակցութեան, որ պիտի ընդգրկէ առողջապահութեան, արդիւնաբերութեան, դեղերու եւ բժշկական սարքաւորումներու փոխադարձ ներածման, ինչպէս նաեւ ջրային միջոցներու փոխանակման ոլորտները: Բացի անկէ, զոյգ երկիրները պիտի համագործակցին ուսումնասիրութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու փոխանակման ծիրին մէջ:
Նախարարին փոխանցմամբ, իր հերթին Սուրիական կողմը Պելառուսիոյ ներկայացուցած է սուրիական այն ապրանքներու ցուցակը, որոնք ենթակայ են արտահանման, որպէսզի արտահանման նպատակով ներկայացուին Պելառուսիոյ առեւտրականներուն եւ առեւտրական կազմակերութիւններուն: