«Կ'երդնում, որ չեմ մահացած: Հազարերորդ անգամ ըլլալով կ'ըսեմ. Ես ողջ եմ»:
Այս խօսքերով սուրիացի դերասան Այման Զէյտան հերքած է քաղցկեղի պատճառով իր մահացած ըլլալուն մասին տարածուող լուրերը:
Նշենք, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր սուրիացի դերասանին մահուան մասին լուրեր, ինչպէս նաեւ ցաւակցական խօսքեր ու գրառումներ կը տարածուին համացանցի էջերուն, շեշտելով, որ դերասանը 60 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է:
Լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, Զէյտան սաստիկ կերպով զայրացած է իր մասին պարբերաբար ոչ հաւաստի լուրեր տարածուելէն: