image
Հրատապ լուրեր:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Սէյրան Օհանեանին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Սէյրան Օհանեանին

 Երեւան- Հայ մարմնակրթական  ընդհանուր միութեան  (Հ.Մ.Ը.Մ.) կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր այցելութիւն տուած  է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին:  Նախարար Օհանեան   ողջունելէ ետք  պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունեցած նուիրական դերը    հայ երիտասարդութեան  ազգային դիմագիծ  եւ  նուիրական  ոգի ջամբելու գործին մէջ:  Իր կարգին  Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան    իր խօսքով    յայտնած է, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի   համար  հիմնական  առաքելութիւն կը մնայ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը  կապել  մայր հայրենիքին     տարբեր տեսակի մարզական      միջոցառումներ եւ բանակումներ իրականցնելով: Նշենք, որ    գրեթէ  հարիւր տարուան  տարուան աւանդ ունեցող Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի    108 մասնաճիւղեր, ուր ներգաւուած են   26.000  սկաուտներ եւ մարզիկներ: