image

Էրտողան խօսած է 2019-ի յետ նախագահական ընտրութեան փուլին մասին

Էրտողան խօսած է 2019-ի յետ նախագահական ընտրութեան փուլին մասին

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ 2019-ին սպասուող նախագահական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ մէջ այլեւս ոչինչ առաջուանը պիտի ըլլայ: Այս մասին  Tert.am-ի հաղորդմամաբ, կը գրէ diken.com.tr կայքը:


«Աստուած տայ, կառավարման նախագահական համակարգի բարեփոխումը իրագործենք: Այլեւս ոչինչ առաջուայ պէս չըլլար: Մենք մուտք պիտի  գործենք շատ տարբեր ժամանակահատուած մը»,-ըսած է Էրտողան:

Էրտողան կոչ ըրած է իր կողմնակիցներուն յառաջիկայ 16 ամսուան ընթացքին տքնաջան պայքարիլ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակի համար, ինչպէս նատւ չզլանալ տուն առ տուն քարոզչութիւն իրականցնելու գործին մէջ:

Աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ 2019-ին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւնները բեկումնային պիտի դառնան Թուրքիոյ համար, ինչպէս որ նոյեմբեր  2002-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները: Նշենք, որ 2002-ին Էրտողանի հիմնած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը յաղթած էր ընտրութիւններուն ու իշխանութիւն ստացած:

Ի դէպ, թրքական SONAR մասնաւոր հետազօտական կեդրոնի՝ Թուրքիոյ  26 նահանգի մէջ 3.000 քաղաքացիներու շրջանին իրականացուած հարցումներու արդիւնքով պարզ դարձած է, որ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատրաստ է ձայն տալ քաղաքացիներու ընդամէնը 38.5 տոկոսը: