image

«Օրօրոցային» երգերու մասին տեսաֆիլմ. Հնչած է նաեւ հայերէնը

«Օրօրոցային» երգերու մասին տեսաֆիլմ. Հնչած է նաեւ հայերէնը

Թուրք բեմադրիչ Արին Ինան Արսլան հաւաքագրած ու փաստագրական ֆիլմի վերածած է Թուրքիոյ տարածքին բնակող տարբեր ժողովուրդների՝ 7 լեզուով երգուած ու մոռացութեան մատնուած շուրջ 30 հին օրօրոցային ու անոնք երգող կանանց պատմութիւնները: Այս մասին կը գրէ «Ակօսը»:


«Այսօր մայրերը այլեւս իրենց երեխաներուն համար օրօրոցային չեն երգեր, այդ իսկ պատճառով այս մշակոյթը վերացման եզրին յայտնուած է», - նշած է բեմադրիչը:

Հայերէն, թուրքերէն, արաբերէն, քրտերէն, զազայերէն, լազերէն եւ վրացերէն աւելի քան երեք տասնեակ օրօրոցայիններն ու անոնց պատմութիւնները լսելու համար Արսլանը շրջած է ժամանակակից Թուրքիոյ Արտւինի, Կարսի, Հաթայի, Ատանայի, Մալաթիոյ, Տերսիմի, Տիարպէքիրի, Սեբաստաիայի, Խարբերդի, Տրապիզոնի նահանգները, ինչպէս նաեւ Համշէնի մէջ:

Վերացման եզրին գտնուող հին օրօրոցայինները ձայնագրած Արսլանը կը փաստէ, որ անոնք յաճախ կ'արտացոլէին երգողի ցաւը, յոյզերը, ընտանեկան պատմութիւններն ու անցեալի պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները:

«Յատկապէս Թուրքիոյ արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ օրօրոցայինը յաճախ ողբի վերածուած է: Երբ գացինք Սեւ ծովու շրջան՝ լազերը ըսին «Մեր մօտ ողբերգ չէ եղած, անոնք արեւելեան (հիմնական քրտաբնակ) նահանգներէն սորված ենք», - պատմած է Արսլան:

Լուրը ՝ «Թերթ.ամ»էն