image
Հրատապ լուրեր:

Փոքրամասնութիւններու լեզուներու հարցով ինչքանով կը գործադրուի Լոզանի դաշնագիրը. Թրքական պարբերականին անդրադարձը

Փոքրամասնութիւններու լեզուներու հարցով ինչքանով կը գործադրուի Լոզանի դաշնագիրը. Թրքական պարբերականին անդրադարձը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը անդրադարձած է Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու դպրոցներու խնդիրներուն, որոնց ամէն օր կը բախուին հայ, յոյն, ասորի ու հրեայ համայնքները:


Թրքական պարբերականը մէջբերած է Լոզանի պայմանագրի 41-րդ յօդուածի՝ ոչ իսլամ քաղաքացիներու իրենց մայրենի լեզուներով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութեան մասին կէտը: Ըստ պայմանագրի՝ թրքական իշխանութիւնները պէտք է հնարաւորինս աջակցին այլակրօն քաղաքացիներու այս իրաւունքի իրացման հարցին: Պայմանագրի մէջ շեշտուած է նաեւ, որ փոքրամասնութիւններու դպրոցները կրնան գտնուիլ այն քաղաքներուն ու բնակավայրերուն մէջ, ուր վերջիններս ունին լուրջ թիւով համայնք: 

Հայկական, յունական, ասորական ու հրէական համայնքներու շարք մը ներկայացուցիչներ թրքական պարբերականի հետ զրոյցի ժամանակ փաստած են, որ մեծ զոհողութիւններու ու դժուարութիւններու գինով կրցած են ոտքի վրայ պահել իրենց համայնքային դպրոցները:

Նշենք, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, 1894-ի դրութեամբ ոչ իսլամական ժողովուրդներուն պատկանող 6.437 դպրոց կար: 1913թ.-ի դրութեամբ այդ դպրոցներու քանակը հասած է 2.580-ի: Անոնցմէ 1.084-ը հայերուն պատկանած են: Որոշ աղբիւրներ կը յիշատակեն անգամ 1.716 հայկական դպրոցի անուն:

1923-24 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու դպրոցներու թիւը հասած էր 138-ի, իսկ Անատոլուի տարածքին բոլոր հայկական, յունական, հրէական եւ ասորական դպրոցները փակուած էին: 

Այսօր Թուրքիոյ մէջ կայ կրօնական փոքրամասնութիւններուն պատկանող միայն 24 դպրոց, որոնցմէ 16-ը հայկական են: 

Մօտաւորապէս 60.000 պոլսահայերէն 5.000-6.000-ը դպրոցական տարիքի են, անոնցմէ 3.000-ը կը յաճախէ հայկական, իսկ մնացածը՝ թրքական պետական դպրոցներ:

«Հիւրրիյէթ»-ը նշած է, որ 1950 թուականի դրութեամբ հայերը Պոլսոյ մէջ ունէին գործող 25 դպրոց, որոնք կը յաճախէին  շուրջ 9000 հայ աշակերտ:

Լուրը ՝ «Թերթ.ամ»էն