image

Լիբանանցի աստղը Ռիատի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ. Ո՞վ է ան

Լիբանանցի  աստղը  Ռիատի մէջ  ելոյթ  պիտի ունենայ. Ո՞վ է ան

Սէուտական Արաբիա յայտարարած է, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ երգչուհի Հիպա Թաուաժին, որ սէուտցի ժողովուրդին համար երգ ու պարի երեկոյ պիտի ներկայացնէ:

Նշենք, որ կազմակերպող մարմինը օրեր առաջ իր թուիթըրեան էջին յայտարարութիւն մը տարածած էր, առանց երգչուհիին անունը բացայայտելու:

Համերգը տեղի պիտի ունենայ 6 դեկտեմբերին, որուն ներկայ գտնուելու համար նուազագոյն տարիքային սահմանը որոշուած է 15 տարեկանը:

Երիտասարդ երգչուհիին հիւրընկալումը նպատակ ունի քայլ պահել Սէուտական Արաբիոյ հեռանկարին հետ, որ կը միտի 2030 թուականին առաւել զարգացած եւ բաց հասարակութիւն դարձնել երկիրը:

Համերգի տոմսերը 350-էն մինչեւ 750 ռիալով պիտի վաճառուին: