image

Ընտրութիւններու հարցով Պեքճեան Սրբազան նամակ ուղարկած է Էրտողանին

Ընտրութիւններու հարցով Պեքճեան Սրբազան նամակ ուղարկած է Էրտողանին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան 20 նոյեմբերին նամակ յղած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին:

Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին, նամակին մէջ Պէքճեան անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին։ Նամակի բովանդակութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն յայտնուած։

Յայտնի է, որ նոյն հարցին կապակցութեամբ, պատրիարքական տեղապահը նամակ մը եւս յղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան:

Յիշեցնենք, որ Էրտողան, 18 յունուարին հանդիպում ունենալով Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձական կազմի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, խոստացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով զբաղիլ անցած Ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք: Այնուհանդերձ, նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը մինչեւ այսօր կը մնայ չլուծուած: