image

ՌԱԿ- Եւ ԹՄՄ-ի Լիբանանի Պատասխանատուները Այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՌԱԿ- Եւ ԹՄՄ-ի Լիբանանի Պատասխանատուները  Այցելեցին  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, այցելութիւն տուաւ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին՝ պաշտօնապէս շնորհաւորելու Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութիւնը, որպէս գահակալ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան:

ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ  Յակոբ Գասարճեան (ատենապետ), Անի Լաչինեան (ատենադպիր), Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան (Գանձապահ) եւ Արտեմ Պիւլպիւլեան:  ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը ներկայացնէին ընկերներ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Տոքթ. Յակոբ Փափազեան (փոխ-ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր), Ճէքի Տէրվիշեան (գանձապահ), Էւա Տաքեսեան եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանն ու Հայ Ժողովուրդը յուզող հարցեր:

Հոգեւոր Տէրը անփոխարինելի նկատեց Հայ դպրոցին դերը Հայ եկեղեցւոյ կողքին՝ հայկական գաղութի մը գոյատեւման մէջ:  Ան կարեւորեց նաեւ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու դերը՝ գաղութ մը աշխոյժ վիճակի մէջ պահելու կապակցութեամբ:

Հոգեւոր Տէրը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանի բնակչութեան թիւին նուազումին առնչութեամբ՝ մեր Մայր Հայրենիքին հզօրութեան կապելով Հայ ժողովուրդին գոյատեւումն ու ապագան: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանեան հայրենիքին, ան նախագահի ընտրութիւնը, որ քրիստոնեաներուն վերապահուած ամենաբարձր քաղաքական պաշտօնն է շրջանի երկիրներուն մէջ, կենսական նկատեց երկրին ու նաեւ շրջանին մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան համար:

Ընկ. Յակոբ Գասարճեան շատ բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան դերը՝ Հռոմի Ֆրանսիսկոս Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հանդէպ ունեցած անզուգական կեցուածքին ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած՝ Հռոմի մէջ 12 Ապրիլ 2015ին տեղի ունեցած պատմական պատարագին կայացման մէջ:

Իր կարգին Ընկ. Միքայէլ Վայէճեան նշեց, որ կապը ամուր եղած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ ՌԱԿի ու ԹՄՄ Լիբանանի մեծ ընտանիքին միջեւ՝ հաստատելով, որ ան աւելի եւս պիտի զարգանայ ու ամրանայ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան ընթացքին:

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը շեշտը դրաւ քրիստոնէական ամենակարեւոր արժէքին՝ սիրոյ հասկացողութեան վրայ  մաղթելով, որ մարդիկ ոչ թէ միայն համակեցութեան ու իրար  հասկնալու վրայ հիմնեն իրենց յարաբերութիւնները, այլ՝ սիրոյ: