Մօտ օրէն, Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրութիւններու մնայուն ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի, իսկ յետագայ օրերուն այդ ցուցահանդէսը պիտի վերածուի առեւտրական կեդրոնի։ Այս մասին հայ-սուրիական Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեան յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղին: Ան նաեւ ներկայացուցած է խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրը՝ հաւաստիացնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ նոր որակով օժտելու երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները:
Յիշեցնենք, որ 16 նոյեմբերին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ հանդիպում ունեցած էր հայ-սուրիական Գործարար Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանի, փոխնախագահ Շահէ Եագուպեանի, գանձապահ Պատրիկ Այտընեանի հետ՝ քննարկելու Հայաստան-Սուրիա տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները:
Սապպաղ շեշտած էր բարեկամ երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան կարեւորութիւնը, նկատի առած յատկապէս Հայաստան-Սուրիա պատմական սերտ յարաբերութիւնները՝ դիտել տալով, որ հայ համայնքը Սուրիոյ բնակչութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկը կը հանդիսանայ, իսկ Հայաստան Սուրիոյ դէմ մղուած ահաբեկչական, հաւատադրժողական պատերազմի օրերուն կարեւոր կեցուածք դրսեւորած է։